Երուսաղէմի Ժառանգաւորաց Վարժարան եւ Ընծայարան

Երուսաղէմի Ժառանգաւորաց Վարժարան եւ Ընծայարան Երուսաղէմի Ժառանգաւորաց Վարժարանի և Ընծայարանի պաշտօ?

Երուսաղէմի Ժառանգաւորաց Վարժարանը կրօնական գիշերօթիկ ուսումնական հաստատութիւն է Պատրիարքարանի տնօրինութեան ներքոյ։

Մանրամասն՝ այստեղ http://hy.wikipedia.org/wiki/%D4%B5%D6%80%D5%B8%D6%82%D5%BD%D5%A1%D5%B2%D5%A5%D5%B4%D5%AB_%D5%AA%D5%A1%D5%BC%D5%A1%D5%B6%D5%A3%D5%A1%D5%BE%D5%B8%D6%80%D5%A1%D6%81_%D5%BE%D5%A1%D6%80%D5%AA%D5%A1%D6%80%D5%A1%D5%B6

Ամենապատիւ Տ. Նուրհան Արքեպիսկոպոս Մանուկեանի օրհնութեամբ, Յունիս 16-ին Երուսաղէմի Ժառանգաւորաց Վարժարանի եւ ընծայարանի ...
26/06/2026

Ամենապատիւ Տ. Նուրհան Արքեպիսկոպոս Մանուկեանի օրհնութեամբ, Յունիս 16-ին Երուսաղէմի Ժառանգաւորաց Վարժարանի եւ ընծայարանի ուսանողները, տեսուչ՝ Գէորգ վրդ. Հայրապետեանի առաջնորդութեամբ, մեկնեցան Իսրայէլէն դէպի Եգիպտոս՝ կրթական, մշակութային եւ հոգեւոր այցելութեան։
Շարմ էլ-Շէյխ հասնելէ ետք, աշակերտները երկու օր հանգստացան Կարմիր Ծովու ափին, ապա ուղղուեցան դէպի Եգիպտոսի մայրաքաղաք Կահիրէ։ Հոն այցելեցին պատմական եկեղեցիներ եւ մշակութային տաճարներ, ծանօթացան անոնց պատմութեան, ինչպէս նաեւ Եգիպտոսի բազմադարեան կրօնական ու մշակութային ժառանգութեան։

Այցելութեան կարեւոր հանգրուաններէն մէկը Եգիպտոսի Մեծ Թանգարանն էր, ուր աշակերտները տեսան փարաւոններու դարաշրջանէն մեզի հասած բացառիկ նմուշներ, արձաններ, արուեստի գործեր եւ պատմական արժէք ներկայացնող բազմաթիւ ցուցանմուշներ։ Այս այցելութիւնը առիթ տուաւ աւելի խորապէս ծանօթանալու հին Եգիպտոսի պատմութեան եւ քաղաքակրթութեան։ Այնուհետեւ խումբը այցելեց Գիզայի աշխարհահռչակ բուրգերը։ Աշակերտները մօտէն ծանօթացան հին եգիպտական հեթանոսական հաւատալիքներուն, չաստուածներու պաշտամունքին եւ անոնց ունեցած ազդեցութեան՝ այդ ժամանակաշրջանի հասարակութեան եւ մշակոյթին վրայ։

Ապա խումբը մեկնեցաւ Ալեքսանդրիա, ուր այցելեց Ալեքսանդրիայի Փարոսի պատմական տեղանքը եւ տեսաւ անոր վրայ կառուցուած Մամլուքեան շրջանի նշանաւոր ամրոցը։ Այցելութեան մաս կազմեցին նաեւ հնագոյն կատակոմբները եւ դամբարանները, որոնց շարքին առանձնայատուկ հետաքրքրութիւն յառաջացուց Տիգրան Փաշայի անունը կրող գերեզմանը։ Ալեքսանդրիոյ մէջ աշակերտները այցելեցին նաեւ Հայկական Եկեղեցի, ուր աղօթք բարձրացուցին հայ ժողովուրդին, Հայաստանի, Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարքութեան եւ համայն աշխարհի խաղաղութեան համար։

Կահիրէի Սուրբ Գէորգ Մայր Տաճարին մէջ խումբը մասնակցեցաւ Սուրբ եւ Անմահ Պատարագին, որը մատուցեց Գէորգ Վարդապետ Հայրապետեան՝ Տ. Աշոտ Սրբազանի օրհնութեամբ։ Այս հոգեպարար արարողութիւնը դարձաւ այցելութեան ամէնէն նշանակալից եւ յիշարժան պահերէն մէկը։

Կահիրէի մէջ ընկերակցութեամբ Թեմակալ առաջնորդ՝ Աշոտ սրբազանի եւ Եգիպտոսի թեմի հոգեւոր հայրերու հետ առանձնայատուկ պատիւ եղաւ հանդիպիլ Ղպտի Ուղղափառ Եկեղեցւոյ Պապին եւ Աղեքսանդրիոյ Պատրիարքին։ Հանդիպումը անցաւ ջերմ եւ եղբայրական մթնոլորտի մէջ, ուր շեշտուեցան քրիստոնէական միասնութեան, փոխադարձ յարգանքի եւ Միջին Արեւելքի քրիստոնէական ներկայութեան պահպանման կարեւորութիւնը, Թաւադրոս պատրիարքը ողջոյնի եւ բարի գալուստի խօսք ըսաւ ինչպէս նաեւ պատմեց Ղպտի ուղղափառ եկեղեցւոյ ծառայութեան մասին աշխարհին մէջ, կարեւորեց այս այցելութիւնը, վերջաւորութեան փոխանակուեցան նուերներով։

Հարուստ հոգեւոր, կրթական եւ մշակութային փորձառութիւններէ ետք, խումբը վերադարձաւ Շարմ էլ-Շէյխ, ուր եւս երկու օր հանգստանալէ ետք վերադարձաւ Իսրայէլ՝ իր հետ տանելով անմոռանալի յիշատակներ, նոր գիտելիքներ եւ գեղեցիկ տպաւորութիւններ։

Այս այցելութիւնը եղաւ ոչ միայն հանգստի եւ ճանաչողութեան առիթ, այլեւ պատմութեան, հաւատքի եւ մշակոյթի հետ կենդանի հաղորդակցութեան եզակի փորձառութիւն Երուսաղէմի Ժառանգաւորաց Վարժարանի եւ Ընծայարանի ուսանողներու համար։

Ժառանգաւորաց Վարժարանի եւ Ընծայարանի Շրջանաւարտից Հանդէս—————————Երկուշաբթի, 15 Յունիս 2026-ին, երեկոյեան ժամը 19:00-ին,...
16/06/2026

Ժառանգաւորաց Վարժարանի եւ Ընծայարանի Շրջանաւարտից Հանդէս
—————————
Երկուշաբթի, 15 Յունիս 2026-ին, երեկոյեան ժամը 19:00-ին, նախագահութեամբ Սուրբ Աթոռոյս Լուսարարապետ՝ Գերաշնորհ Տ. Սեւան Արքեպիսկոպոս Ղարիպեան Սրբազան Հօր տեղի ունեցաւ Ժառանգաւորաց Վարժարանի եւ Ընծայարանի Ամավերջի հանդէսը:

Միաբանութիւնը դիմաւորուեցաւ Ժառանգաւորաց Վարժարանի օրհներգ «Սիրտ ի սիրտ» երգի հնչիւններու ներքոյ, ապա յոտնկայս երգուեցաւ Հայաստանի Հանրապետութեան օրհներգը:

Հանդիսութեան ամբողջ ընթացքին Ժառանգաւորաց վարժարանի շրջանաւարտները հանդէս եկան իրենց աւարտական խօսքերով. Մկրտիչ Կրտիկաշեան՝ արաբերէն, Երուանդ Մկրտչեան՝ հայերէն, Գրիգոր Բաբայեան՝ եբրայերէն, Ժակ Մելքոնեան՝ անգլերէն, եւ Նարեկ Աւագեան՝ հայերէն։

Ընծայարանի շրջանաւարտներէն Բարեշնորհ Մուշեղ Սարկաւագ Սարգսեան՝ հայերէն, Տիրացու Հրանտ Բադալեան՝ անգլերէն, եւ Տիրացու Սպարտակ Նազարէթեան՝ հայերէն, նոյնպէս հանդէս եկան աւարտական խօսքերով։

Գեղարուեստական յայտագրի ծիրին մէջ ասմունքներով հանդէս եկան Ա. դասարանի աշակերտներ Ռաֆայէլ Սուքիասեան, Պետրոս Մխիթարեան եւ Էտուարտ Մարտիրոսեան (ուսուցիչ՝ Դոկտ. Անուշ Նագգաշեան)։ Գ. դասարանի աշակերտ Միքայէլ Ղազարեան ներկայացուց դաշնամուրի գեղեցիկ կատարում։ Շրջանաւարտներէն Տիրացու Հրանտ Բադալեան հանդէս եկաւ մեներգով, իսկ Ժառանգաւորաց վարժարանի երգչախումբը ներկայացուց խմբերգեր՝ դաշնամուրի նուագակցութեամբ եւ կազմակերպութեամբ Տիար Գէորգ Բադալեանի։

Հանդիսութեան աւարտին Վարժարանի տեսուչ՝ Հոգեշնորհ Տ. Գէորգ Վարդապետ Հայրապետեան, նախ իր սրտի խօսքն ու հայրական խրատը փոխանցեց շրջանաւարտներուն, ապա ներկայացուց Ժառանգաւորաց վարժարանի եւ Ընծայարանի 2025–2026 ուսումնական տարուան տեղեկագիրը։

Ապա ան շնորհակալական խօսք ուղղեց Ժառանգաւորաց վարժարանին եւ Ընծայարանին օժանդակող անձերուն, ինչպէս նաեւ ուսուցիչ-ուսուցչուհիներուն։ Այս առիթով, գեղեցիկ աւանդութեան համաձայն, Ժառանգաւոր սաները ծաղիկներ յանձնեցին ուսուցչուհիներուն եւ մայրիկներուն։

Այնուհետեւ, բարձր գնահատելով անգլերէնի ուսուցչուհի Տիկին Անահիտ Աւագեանի տարիներու նուիրեալ ծառայութիւնը Ժառանգաւորաց վարժարանին մէջ, Հայր Գէորգը, տեսչութեան անունով, յուշանուէր մը յանձնեց անոր եւ մաղթեց առատ յաջողութիւն կեանքի նոր հանգրուանին եւ յետագայ գործունէութեան մէջ, քանի որ Տիկին Անահիտ, իր իսկ փափաքով, պիտի վերադառնայ հայրենիք։

Իր խօսքի աւարտին տեսուչ Հոգեշնորհ Տ. Գէորգ Վարդապետ Հայրապետեան շնորհաւորեց շրջանաւարտները եւ անոնց բարի երթ մաղթեց։ Ապա հրաւիրեց Լուսարարապետ Սրբազան Հայրը, որպէսզի յանձնէ շրջանաւարտներու վկայականները, ինչպէս նաեւ Ժառանգաւորաց վարժարանի եւ Ընծայարանի առաջադէմ սաներուն նախատեսուած մրցանակները։

Վկայականներու եւ մրցանակներու բաշխումէն ետք Լուսարարապետ Սրբազան Հայրը շնորհաւորեց շրջանաւարտները եւ իր հայրական պատգամը փոխանցեց անոնց։

Հանդիսութիւնը եզրափակուեցաւ Սուրբ Աթոռոյս օրհներգով, «Պահպանիչ»-ով եւ «Հայր մեր»-ով, որմէ ետք ներկաները պատուուեցան սիրալիր հիւրասիրութեամբ։

Ընծայարանի 2025–2026 ուսումնական տարուան շրջանաւարտներն էին.

Բարեշնորհ Մուշեղ Սարկաւագ Սարգսեան
Տիրացու Հրանտ Բադալեան
Տիրացու Սպարտակ Նազարէթեան

Ժառանգաւորաց վարժարանի 2025–2026 ուսումնական տարուան շրջանաւարտներն էին.

Գրիգոր Բաբայեան
Երուանդ Մկրտչեան
Ժակ Մելքոնեան
Մկրտիչ Կրտիկաշեան
Նարեկ Աւագեան

Յունիսի 1-էն մեկնարկեցան Ժառանգաւորաց Վարժարանի տարեվերջեան քննութիւնները։ Այս օրերը ուսանողներուն համար պատասխանատու եւ...
02/06/2026

Յունիսի 1-էն մեկնարկեցան Ժառանգաւորաց Վարժարանի տարեվերջեան քննութիւնները։ Այս օրերը ուսանողներուն համար պատասխանատու եւ կարեւոր հանգրուան մըն են, երբ ամբողջ տարուան ընթացքին ձեռք բերուած գիտելիքները, ջանքն ու նուիրումը կ՚ամփոփուին քննութիւններու միջոցաւ։
Մաղթենք, որ բոլոր սաները յաջողութեամբ յաղթահարեն այս շրջանը, ցուցաբերեն հանդարտութիւն, վստահութիւն եւ իմաստութիւն, եւ արժանի պսակը ստանան իրենց աշխատասիրութեան ու հետեւողականութեան համար։
Աղօթենք, որ Ամենակալ Աստուած լուսաւորէ անոնց միտքը, զօրացնէ կամքը եւ առաջնորդէ զիրենք դէպի նոր յաջողութիւններ ու ձեռքբերումներ։

Բարի ընթացք եւ յաջող քննութիւններ բոլոր ժառանգաւորներուն։

Ժառանգաւորաց Վարժարանի եւ Ընծայարանի տեսուչ Գէորգ Վարդապետ Հայրապետեանի եւ տոքթ. Անուշ Նագաշեանի նախաձեռնութեամբ կազմակե...
28/05/2026

Ժառանգաւորաց Վարժարանի եւ Ընծայարանի տեսուչ Գէորգ Վարդապետ Հայրապետեանի եւ տոքթ. Անուշ Նագաշեանի նախաձեռնութեամբ կազմակերպուեցաւ 1918-ի Մայիս 28-ի՝ Հայաստանի Առաջին Հանրապետութեան անկախութեան տօնին նուիրուած ոգեկոչման հանդիսաւոր երեկոյ մը։ Միջոցառումը համախմբեց ազգային ոգին, պատմական յիշողութիւնն ու մշակութային շունչը մէկ յարկի տակ։

Երեկոյի ընթացքին տեղի ունեցան բանախօսութիւններ եւ դասախօսական ելոյթներ՝ նուիրուած հայ ժողովուրդի ազատագրական պայքարին, պետականութեան վերածնունդին եւ Մայիսեան հերոսամարտերու պատմական նշանակութեան։ Ժառանգաւորաց Վարժարանի սաները հանդէս եկան հայրենասիրական երգերի կատարումներով, որոնք իրենց հոգեպարար հնչիւններով յուզեցին ներկաները եւ վերակենդանացուցին ազգային հպարտութեան զգացումը։

Միջոցառումի աւարտէն ետք, Ժառանգաւոր սաները՝ իրենց ուսուցիչներուն եւ տեսուչ Գէորգ Վարդապետ Հայրապետեանի առաջնորդութեամբ, այցելեցին Tower of David, ուր դիտեցին Դաւթի Աշտարակի լուսային շքեղ ցուցադրութիւնը։ Պատմական պարիսպներուն վրայ կենդանացող պատկերներն ու երաժշտական ուղեկցութիւնը հանդիսացան անմոռանալի փորձառութիւն մը՝ միացնելով պատմութիւնը, արուեստը եւ ազգային յիշողութիւնը մէկ գեղեցիկ երեկոյի մէջ։

Այս ձեռնարկը դարձաւ ոչ միայն տօնական հաւաք, այլ նաեւ հայրենասիրական դաստիարակութեան արժէքաւոր արտայայտութիւն մը, որ սերունդներուն կը փոխանցէ ազգային ինքնութեան, պատմութեան եւ մշակոյթի նկատմամբ սէրն ու նուիրումը։

17/05/2026

ԸՆԴՈւՆԵԼՈւԹԻՒՆ
ԵՐՈւՍԱՂԷՄԻ ԺԱՌԱՆԳԱՒՈՐԱՑ ՎԱՐԺԱՐԱՆ ԵՒ ԸՆԾԱՅԱՐԱՆ

2026-2027 ՈւՍՈւՄՆԱԿԱՆ ՏԱՐԵՇՐՋԱՆ

Ընդունելութեան Քնութիւններ

1. Հայոց լեզու (գրաւոր)
2. Հայ Գրականութիւն (գրաւոր)
3. Հայոց Պատմութիւն (գրաւոր)
4. Երաժշտութիւն (Երգեցողութիւն, երաժտական ընդունակութիւն, ռիթմի զգացողութիւն)
5. Քրիստոնէական գիտելիքներ (հարցազրոյց):

Փաստաթուղթերը յանձնել Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածնի Գէորգեան հոգեւոր ճեմարանի քարտուղարութիւն:

Դիմումները ընդունւում են ամէն օր՝ բացի Կիրակիից,
2026 թուականի Յունիս 1-ից մինչեւ Յուլիս 15, ժամը՝ 10:00 - 16:00 (Շաբաթ` մինչեւ ժամը 13:00):
Հեռ. (010) 517-321, (010) 517-322

Յաւելեալ հարցերի համար հեռաձայնել Երուսաղէմի Ժառանգաւորաց Վարժարանի եւ Ընծայարանի Տեսուչ` Հոգեշնորհ Տ. Գէորգ Վարդապետ Հայրապետեանին
բջջ., WhatsApp, Viber: (+972) 543-491-679
էլ․ հասցէ [email protected]

ԸՆԴՈւՆԵԼՈւԹԻՒՆԵՐՈւՍԱՂԷՄԻ ԺԱՌԱՆԳԱՒՈՐԱՑ ՎԱՐԺԱՐԱՆ ԵՒ ԸՆԾԱՅԱՐԱՆ2026-2027 ՈւՍՈւՄՆԱԿԱՆ ՏԱՐԵՇՐՋԱՆ Երուսաղէմի Ժառանգաւորաց Վարժա...
07/05/2026

ԸՆԴՈւՆԵԼՈւԹԻՒՆ
ԵՐՈւՍԱՂԷՄԻ ԺԱՌԱՆԳԱՒՈՐԱՑ ՎԱՐԺԱՐԱՆ ԵՒ ԸՆԾԱՅԱՐԱՆ
2026-2027 ՈւՍՈւՄՆԱԿԱՆ ՏԱՐԵՇՐՋԱՆ

Երուսաղէմի Ժառանգաւորաց Վարժարան եւ Ընծայարան կարող են դիմել 15 տարեկանը բոլորած հայորդիներ, որոնք ունեն հիմնական, աւագ եւ աւելի բարձր կրթութիւն:

Երուսաղէմի Ժառանգաւորաց Վարժարան եւ Ընծայարան ընդունուելու համար դիմորդները պիտի յանձնեն քննութիւն՝ հետեւեալ առարկաներից.

1. Հայոց լեզու (գրաւոր)
2. Հայ Գրականութիւն (գրաւոր)
3. Հայոց Պատմութիւն (գրաւոր)
4. Երաժշտութիւն (Երգեցողութիւն, երաժտական ընդունակութիւն, ռիթմի զգացողութիւն)
5. Քրիստոնէական գիտելիքներ (հարցազրոյց):

Դիմումները եւ ներքոյիշեալ փաստաթուղթերը անհրաժեշտ է ներկայացնել Ժառանգաւորաց Վարժարանի եւ Ընծայարանի տեսչի անունով.

1. Դիմում
2. Հիմնական, աւագ կամ աւելի բարձր կրթութեան վկայական
3. Հայաստանեայց Առաքելական Ս. Եկեղեցւոյ մկրտութեան վկայական
4. Ինքնակենսագրութիւն
5. Բնութագիր Եկեղեցւոյ հոգեւոր հովուի կամ առաջնորդի կողմից
6. Բնութագիր դպրոցի տնօրէնի կողմից
7. Զինուորական կցագրման վկայական
8. Անձնագրի կրկնօրինակ (պատճէն)
9. Ծննդեան վկայականի կրկնօրինակ (պատճէն)
10. 4 լուսանկար (5 X 5 չափի)
11. Տեղեկանք առողջութեան մասին

Ուսանողի ճանապարհի ծախսը, սնունդը, հագուստը, բժշկական եւ ուսման ծախսերը ապահովում է Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարքութիւնը:

Փաստաթուղթերը յանձնել Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածնի Գէորգեան հոգեւոր ճեմարանի քարտուղարութիւն:

Դիմումները ընդունւում են ամէն օր՝ բացի Կիրակիից,
2026 թուականի Յունիս 1-ից մինչեւ Յուլիս 15, ժամը՝ 10:00 - 16:00 (Շաբաթ` մինչեւ ժամը 13:00):
Հեռ. (010) 517-321, (010) 517-322

Յաւելեալ հարցերի համար զանգահարել
Երուսաղէմի Ժառանգաւորաց Վարժարանի եւ Ընծայարանի Տեսուչ` Հոգեշնորհ Տ. Գէորգ Վարդապետ Հայրապետեանին
բջջ., WhatsApp, Viber: (+972) 543-491-679
էլ․ հասցէ [email protected]

Address

Armenian Seminary, Jerusalem Old City. P. O. Box 14142
East Jerusalem
9114101

Website

Alerts

Be the first to know and let us send you an email when Երուսաղէմի Ժառանգաւորաց Վարժարան եւ Ընծայարան posts news and promotions. Your email address will not be used for any other purpose, and you can unsubscribe at any time.

Contact The University

Send a message to Երուսաղէմի Ժառանգաւորաց Վարժարան եւ Ընծայարան:

Shortcuts

Share