29/09/2026
Ազգ. Քարէն Եփփէ ճեմարանի Շրջանաւարտից միութեան վարչութեան նախաձեռնութեամբ այս տարի տարեկան բանակումը կայացաւ Քեսապ հայաւանի Կազդուրման կայանին մէջ 16_20 Սեպտեմբեր 2026։
Հակառակ տարիքային տարբերութեան , ուշագրաւ էր յարգանքը, համագործակցութեան ոգին եւ ընկերասիրութիւնը։ Մտերմիկ մթնոլորտի մէջ անոնք մասնակից դարձան բանակումի ծրագրին, որ կ'ընդգրկէր դասախօսութիւն, զրոյց, խաղեր, խմբային հարց պատասխանի մրցում, ռատիօ ժամ, խրախճանք, եկեղեցի եւ ծով։ "Ընկերային յարաբերութիւններ", "Երիտասարդութեան տագնապներն ու դժուարութիւնները" եւ "Արհեստակսն բանականութեան դրական ու ժխտական կողմերը" զրոյցներու ընթացքին , մեծաթիւ շրջանաւարտներու մասնակցութիւնը ոգեւորիչ էր ։ Իսկ խմբային դրութիւնը մեծապէս նպաստեց հաւաքական աշխատանքի , համերաշխ մթնոլորտի եւ վարժողականութեան ձեռքբերման։
Կիրակի, 20 Սեպտեմբերին բանակողները ներկայ գտնուեցան Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ ժամերգութեան եւ ՀՀ վերանկախացման 35 ամեակի առթիւ դրօշակի օրհնութեան ։ Հոգեպարար այս արարողութիւնը ոգեշնչող եւ տպաւորիչ էր։
Խանդավառ եւ մտերմիկ մթնոլորտի մէջ / 51 / շրջանաւարտներ Քեսապի բնութեան մէջ , կազդուրուեցան եւ արդէն պատրաստ են իրենց ներդրումը բերելու մօտերս կայանալիք քերմէսի պատրաստութեան աշխատանքներուն։
Պատկերներ բանակումէն։